
Վեցերորդ դրուագը կը բացայայտէ Սոնիայի ընտանեկան կեանքը, զինք շրջապատող հարստութեան ու սպասումներու աշխարհը։ Թիֆլիսի նշանաւոր կերպասեղէնի վաճառական իր հայրը՝ Պեոտր Կարպովիչը, նուրբ կերպով ծրագիրներ կը գծէ նորահաս աղջկան ապագայի համար։ Արդեօ՞ք Սոնիայի շքեղ տարեդարձի հաւաքոյթը պիտի փարատէ երկու սիրահարներուն խռովութիւնը կամ այլ խոչընդոտներ պիտի ծագին:
Episode Six reveals Sonia’s family life and the world of wealth and expectations surrounding her. Her father, Beodr Garbovich, a renowned satin merchant in Tiflis, is quietly shaping plans for the young girl’s future. Will Sonia’s lavish birthday gathering soothe the turmoil between the two young lovers, or will new obstacles arise?